2009-09-09 13:50:11

Էջ մը հայ գրականութեան` Ճանապարհ` հեղինակ Գրիգոր Հոթոյեան։


Էջ մը հայ գրականութեան` Ճանապարհ` հեղինակ Գրիգոր Հոթոյեան։



2007-ին Թորոնթոյի մէջ լոյս տեսաւ գանատահայ հրապարակագիր Գրիգոր Հոթոյեանի Ճանապարհ խորագրեալ հատորը, որուն մեկենասութիւնը ստանձնած են հեղինակին դուստրը՝ Անի Հոթոյեան-Ժոլին եւ թոռները՝ Քրիստափորն ու Ստեփան Արմէնը։

Գրիգոր Հոթոյեան ծնած է Հալէպ, 5 օգոստոս 1927-ին, սասունցի ծնողներէ։ Յաճախած է Հալէպի Ազգային Սահակեան երկսեռ վարժարանը եւ աւարտած՝ 1941-ին։ 1947-ին, որպէս գրաշար, սրբագրիչ եւ աշխատակից, մաս կազմած է Արեւելք օրաթերթի անձնակազմին։ Հետեւած է հայագիտական դասընթացքներու։ Վարած է ուսուցչական պաշտօն՝ ազգային ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ։ 1975-ին կը հաստատուի Թորոնթօ, ուր շնորհիւ եկեղեցական, գրական եւ մշակութային կեանքի մէջ իր ցոյց տուած անձնուէր ծառայութեան՝ կարժանանայ գնահատագիրներու եւ օրհնագիրներու։ Վաղ տարիքին աշխատակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու՝ ստորագրելով բանաստեղծութիւններ, յօդուածներ եւ պատմուածքներ։

Գրիգոր Հոթոյեան ցարդ հրատարակած է հետեւեալ գործերը Սիրտը ափին մէջ (բանաստեղծութիւններ, 1987), Նուիրում (երգեր եւ բանաստեղծութիւններ, 2002), Ի խնդիր բարոյական ճշմարտութեան (բարոյալից պատմուածքներ, 2005) եւ Ճանապարհ (բերքահաւաք՝ 2007)։

Հատորը կը բաղկանայ 876 ծաւալուն էջերէ եւ կընդգրկէ հետեւեալ ենթաբաժինները Յօդուածներ, Ուսումնասիրութիւններ, Պատմուածքներ, Թղթակցութիւններ, Հարցազրոյցներ, Առիթներով խօսուածներ, Մահագրութիւններ, Երգեր, Բանաստեղծութիւններ, Գրախօսականներ եւ վկայութիւններ, Նուիրում եւ Ի խնդիր բարոյական ճշմարտութեան հատորներուն հրատարակութեան առթիւ։

Իր յառաջաբանին մէջ, Գրիգոր Հոթոյեան կըսէ, թէ Ճանապարհ խորագրեալ հատորը գրական բարձր մակարդակի պատկանող երկ մը չէ, այլ բերքահաւաքն է ան ազգային եւ ընդհանրական հարցեր շօշափող յօդուածներու, որոնք տարիներ առաջ լոյս տեսած են մամուլի էջերուն։

Հատորին առաջին ենթաբաժինը կը բաղկանայ 32 յօդուածներէ, ուր հեղինակը կը դրուատէ գործն ու արժանիքը Ս Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն։ Կը փառաբանէ 1918 թուի մայիսեան փառահեղ յաղթանակով կենսագործուած Հայաստանի անկախութիւնը։

Գաղափարապաշտ հրապարակագիրն է Հոթոյեան, որ ոգեշունչ ապրումով կը պանծացնէ յիշատակը հայոց մեծանուն հերոսներուն։ Մանաւանդ արդար հպարտութեամբ կը յիշէ չորեքշաբթի, 24 մայիս 2000 թուականը, երբ Պոսթընէն Երեւան կը փոխադրուի զօրավար Դրոյի աճիւնը։

Հեղինակը կը հանդիսանայ ջերմ պաշտպանը հայ կրթական հաստատութիւններուն եւ հայ մշակոյթին։ Ջերմապէս կը գնահատէ կրօնաշունչ առաքելութիւնը Հայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններուն, որոնց յարկին տակ կը դաստիարակուին նորահաս հայ սերունդները՝ բարոյական առողջ դաստիարակութեամբ։

Ուսումնասիրութիւններ ենթաբաժինով Գրիգոր Հոթոյեան կը փոխանցէ կարգ մը պատմական տեղեկութիւններ սուրիական շատ հին քաղաքին՝ Ռագգայի մասին, ուր 1922-ին Եղեռնէն ճողոպրած ուրֆացի հայ գաղթականներու կողմէ կը կազմուի հայկական գաղութը։

Հեղինակը դիպուկ վերլուծումներով կը պարզէ հիմնական յատկանիշներ Դանիէլ Վարուժանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի գրականութեան։ Կու տայ բացատրութիւններ Արշակ Բի վարած քաղաքականութեան եւ անոր օրով տեղի ունեցած բախտորոշ իրադարձութեանց մասին։ Կը նկարագրէ հերոսական արարքները Սասունի պաշտպան ֆետայիներէն՝ Սպաղանցի Գալէին, որ եղած է անբաժան զինակիցը Գէորգ Չաւուշին։

Հատորին Գ ենթաբաժինը կընդգրկէ 15 պատմուածքներ, ուր Գրիգոր Հոթոյեան կը պատկերացնէ տարագրութեան տարիներէն անդրադարձուած սրտայոյզ դրուագներ։

Ճանապարհ խորագրեալ հատորին Դ ենթաբաժինը յատկացուած է 82 թղթակցութիւններու, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ ընթերցասէր հանրութեան, յիսունական թուականներէն մինչեւ ներկայ 2006 թուականը, Հալէպի եւ Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած գրական, կրթական, եկեղեցական եւ մշակութային հանդիսութիւնները՝ իրենց բովանդակութեամբ, թուականներով եւ անհրաժեշտ մանրամասնութեամբ։

Հարցազրոյցները կը հանդիսանան հատորին հետաքրքրական ենթաբաժինը, ուր համախմբուած են հեղինակին 23 զրոյցները՝ գրագէտներու, եկեղեցականներու, ազգային գործիչներու, արուեստագէտներու եւ այլ պատասխանատուներու հետ։ Այս կապակցութեամբ, շահեկան են Գրիգոր Հոթոյեանի վարած հարցազրոյցները Պոլսոյ ամենապատիւ Շնորհք պատրիարքի, հայրենի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանի, երաժիշտ-խմբավար Ալֆրետ Մարդոյեանի եւ Յովհաննէս Չէքիճեանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններէն հայր Լեւոն վրդ Զէքիեանի, գեղանկարիչ Գրիգոր Մոմճեանի եւ քաղաքական բանտարկեալ Համբիկ Սասունեանի հետ։

Հատորին Մահագրութիւններ ենթաբաժինով Գրիգոր Հոթոյեան կը ներկայացնէ 14 դամբանականներ, ու կը սգայ կորուստը ազգասէր անձերու՝ յուշագրելով անոնց հետ առնչուած յիշատակելի դէպքեր, ինչպէս՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի մահուան առիթներով իր ստորագրած յուշագրութիւնները։

Հեղինակը ունի նաեւ չափածոյ գործեր, որոնց մէկ մասը վերածուած է երգի։

Հատորին վերջընթեր եւ վերջին ենթաբաժինները կընդգրկեն կարգ մը գրախօսականներ եւ վկայութիւններ, որոնք նախապէս լոյս տեսած են մամուլի մէջ հեղինակին Նուիրում եւ Ի խնդիր բարոյական ճշմարտութեան երկերուն հրատարակութեան առիթով։

Պէտք է ըսել, որ Գրիգոր Հոթոյեանի Ճանապարհ խորագրեալ ընդարձակ հատորը արգասիքն է հրապարակագրական մարզի մէջ իր տարած անխոնջ ու երկարատեւ աշխատանքին։ Այս յղացքով, օգտաշատ իրագործում մըն է յիշեալ հրատարակութիւնը, զոր պէտք է կարդայ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ընթերցող








All the contents on this site are copyrighted ©.